ԲԱՐԵՒ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍԻՆ
Գանատահայ Համայնքի Ծառայութիւններու «Բարեւ» Կեդրոնը, ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է, որ հիմնուած է Գանտահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ քահանայ Զարգարեանի կողմէ։ Կազմակերպութիւնը կրթական, մշակութային եւ ընկերային գործունէութիւններով կը ծառայէ տեղւոյն գանատահայ կենսունակ համայնքին։
Ան կը կամրջէ եւ կը միաւորէ այլ խմբաւորումներ, որոնք ունին գործունէութեան նոյն առաքելութիւնը, տեսլականը եւ կը ձգտին նոյն արժէքներուն։ Անոնցմէ են՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարանը, «Սասուն» պարախումբը, «Բարեւ» Երիտասարդացը, «Լուսաբեմ» թատերախումբը, «Բարեւ» Կօլֆ Միութիւնը, Walk-a-thon-ը եւլն.։
ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
-Ծառայել եւ օգնել գանատահայ համայնքին, առնչուիլ իրենց արմատներուն եւ զօրացնել իրենց պատկանելութեան զգացումը՝ մշակութային, կրթական եւ ընկերային զանազան գործունէութիւններու ընդմէջէն։
-Քաջալերել եւ ստեղծել այն միջավայրը, ուր որպէս մէկ համայնք կը միանան բոլոր գանատահայերը, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական այլ գործընկերները ։
-Համայնքը հարստացնել ստեղծելով սեփական մշակոյթի ճանաչման եւ զարգացման հնարաւորութիւններ։
-Քաջալերել այնպիսի գործունէութիւններ, որոնց միջոցով կարելի ըլլայ ամրապնդել գանատահայոց մշակութային ճանաչողութիւնը։
-Մշակուած յատուկ գործունէութեամբ ուժեղ համայնքային կապեր հաստատել Գանատայի եւ Հայաստանի մէջ յատուկ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու հետ։
«Բարեւ» կեդրոնի գործադիր վարչութեան անդամները նուիրուածութեամբ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը։ Կեդրոնի անդամներն են.-
Նախագահ՝ Գանատահայոց Փոխառաջնորդ՝ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան.
Ատենապետուհի՝ Արմինէ Պոյաճեան
Փոխ ատենապետ եւ քարտուղար՝ Սառա Շահմուրատյան
Գանձապահ եւ լրատուական միջոցներու պատասխանատու՝ Վահէ Քանտահարեան
Երիտասարդական բաժնի տնօրէն՝ Սեւակ Աւագեան Մշակոյթի եւ ընկերային բաժնի տնօրէն՝ Անի Սարվարեան Ընկերային ցանցերու տնօրէն՝ Աւագ Ղարիպյան
Rev. Arch. Zareh Zargarian
Armineh Boyadjian
Sarah Shahmouradyan
Vahe Kandaharian
Sevag Avakian
Ani Sarvarian
Avak Garibyan
Յառաջիկային, «Բարեւ» կեդրոնը կը ծրագրէ հիմնել այլ մասնաճիւղեր եւս Գանատայի տարածքին, իր ծառայութիւնները մատուցելու հայկական սփիւռքին։Եթէ կը փափաքիք տեղեկանալ «Բարեւ» կեդրոնի այլ գործունէութիւններուն մասին, կրնաք հետեւիլ մեր ընկերային ցանցերուն։